Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման նախաձեռնութիւններու ծիրին մէջ, միջնակարգի հայերէն եւ հայոց պատմութիւն դասաւանդող ուսուցիչները կազմակերպեցին պատի թերթի մրցանք մը, նիւթ ունենալով հայոց ցեղասպանութիւնը: Մրցանքին մանրամասնութիւնները՝ բովանդակութեան շուրջ տեղեկութիւններ կամ պատրաստութեան պայմաններ, աշակերտներուն բացատրուեցան, եւ աշխատանքին ներկայացման օրուան ժամկէտը ճշդուեցաւ: Աշակերտները խանդավառութեամբ եւ միասնական ճիգերով աւարտեցին աշխատանքը:
Չորեքշաբթի, 16 Ապրիլ 2025-ին, երեք ուսուցիչներէ բաղկացած դատական կազմը շրջեցաւ դասարանները եւ մանրամասն քննելէ ետք պատի թերթերուն ներկայացուած ձեւն ու բովանդակութիւնը, բարձր գնահատեց աշակերտներուն ստեղծագործ միտքն ու աշխատանքը:
Մրցանքին առաջին դիրքը գրաւեց Է. դասարանը:
Վարձքը կատա՛ր բոլոր աշակերտներուն: