ԿԱԼԱ-ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆ

Ուրբաթ, 31 Մայիս 2024-ին, Ճեմարանի Յարութիւն եւ Ազնիւ Պզտիկեան պարտէզին մէջ տեղի ունեցաւ կալա-ընդունելութիւն մը, ներկայութեամբ աւելի քան 100 անձերու։

Ձեռնարկին բացումը կատարեց Ճեմարանի հանրային կապերու գրասենեակի պատասխանատու Արին Գալուստեան։ Ան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ ներկայացուց օրուան յայտագիրը։

Ապա խօսք առաւ տնօրէն Փաուլա Եղիայեան, որ հակիրճ ակնարկով զեկուցեց Ճեմարանի աշակերտութեան թիւին, կրթական ու այլ ծրագիրներուն եւ արձանագրած յաջողութիւններուն մասին։ Մէջբերումներ իր խօսքէն.

«Խումբ մը մտաւորականներ յղացան Հայ Ճեմարան մը հիմնելու գաղափարը՝ լաւ մարդն ու տիպար հայը կերտելու տեսլականով: Ահա այս Ճեմարանը, Հայ Ճեմարանը այս տարի դարձաւ 94 տարեկան:

2023-2024 ուսումնական տարեշրջանին Ճեմարան յաճախեցին 525 աշակերտներ, իսկ մանկամսուրի յարկին տակ 3 ամսականէն 3 տարեկան երեխաներ ստացան սէր ու գուրգուրանք. շուտով 3 տարեկանը ամբողջացնող փոքրիկները պիտի փոխանցուին Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանի Հ.Օ.Մ.-ի Նորսիկեան մանկապարտէզ, եւ այսպիսով պիտի շարունակուի Ճեմարանի երթը, միշտ ձգտելով լաւագոյնին՝ հայեցի դաստիարակութեան եւ ընդհանուր կազմաւորման՝ հաւատարիմ մնալով Համազգայինի եւ Ճեմարանի հիմնադիրներու նպատակներուն:  

Ճեմարանի աւանդական դարձած տարեկան ճաշկերոյթները տեղի չունեցան նախորդող չորս տարեշրջաններուն. կարելի չեղաւ նաեւ կազմակերպել շարք մը այլ աշխատանքներ. սակայն այսօր միասնաբար կրկին հաւաքուած ենք, այս անգամ մանկապարտէզի պարտէզին մէջ, նոր եւ իւրայատուկ ոճով եւ յատուկ նպատակ հետապնդող այս ընդունելութեան:

Հակառակ մեզ շրջապատող այլազան դժուարութիւններուն, Ճեմարանը ոչ միայն պահեց իր ինքնութիւնն ու դիրքը՝ այլ արձանագրեց աշակերտական թիւի աճ, նորանոր յաջողութիւններ ու նուաճումներ:

Ուսումնական գետնի վրայ, Ճեմարանը քայլ պահեց Ֆրանսական պաքալորէայի բոլոր նորութիւններուն հետ, եւ Ճեմարանի ֆրանսական պաքալորէայի յաջողութիւնները մնացին իրենց բարձունքին վրայ՝  100 առ 100, իսկ յիշատակութիւններով յաջողութիւններ ապահովող աշակերտներուն տոկոսը բարձրացաւ մինչեւ 85 առ հարիւրի. այս մէկը բաւական ծանր մարտահրաւէր մըն էր, զոր կարելի եղաւ յաղթահարել մեր աշակերտներու, ծնողներու ու մանաւանդ ուսուցչական ու վարչական անձնակազմի վճռական կամքին եւ հետեւողական աշխատանքին շնորհիւ:

Դարձեալ բծախնդիր հետապնդման ու նուիրուածութեան արդիւնք է մանկամսուրի թիւի աճը եւ աւելի քան 110 փոքրիկներու մանկամսուրէն ներս հիւրընկալումը:

Ճեմարանին կողքին էք դուք, ինչպէս աշխարհի չորս դին գտնուող Ճեմարանականներն ու բարեկամները. գիտակցելով հայ աշակերտը հայ վարժարանէն ներս պահելու առաքելութեան, մեծաթիւ եղան մեր կոչերուն արձագանգողները եւ մեր դպրոցի հայեցի ու բարձրորակ կրթութեան հաւատացողները:

Ցանկը երկար է, սակայն նշելն ու շնորհակալութիւն յայտնելը՝ անհրաժեշտ:

Արսլանեան հիմնարկութեան նուիրատուութիւններուն շնորհիւ, մանկամսուրի կը յատկացուին յատուկ կրթանպաստներ:

Ամերիկաբնակ խումբ մը բարեկամներու (Friends of Djemaran) նուիրատուութիւններու շնորհիւ յատուկ կրթանպաստներ կը տրամադրուին այս անգամ մանկապարտէզի աշակերտներուն:

Ճեմարանի տնօրէնութեան կողքին կը գործեն Ճեմարանի ընկերային ծառայութեան եւ հանրային կապերու գրասենեակները, որոնք ձեռք կու տան այս բոլոր նախաձեռնութուններուն:

Ինչպէս յաճախ մեր կողքին եղած են մեր շրջանաւարտներն ու իրենց ընտանիքները նոյնիսկ յետ մահուան պարագաներուն՝ Մարտ 2024-ին Ճեմարանը ստացաւ նաեւ Ճեմարանաւարտ Վարուժան Գալինեանի կտակի գումարը, որ տրամադրուեցաւ Ճեմարանի սաներու ֆոնտին։

Նոյնպէս, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւնը եւ Ճեմարանի տնօրէնութիւնը արդէն կը մշակեն կրթական ու մշակութային յարմար ծրագիր մը, յաւերժացնելու համար Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան նախկին անդամ եւ Ճեմարանի բարեկամ Սուրէն Սարգիսեանի յիշատակը: Այս ծրագիրի մանրամասնութիւնները պիտի յայտարարուին շուտով:

Դարձեալ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան նեցուկով եւ ճիգերով այս ամրան ընթացք պիտի առնէ նաեւ Ճեմարանի շէնքերու եւ տանիքներու ընդհանուր նորոգութիւններու աշխատանքը, որուն համար արդէն իսկ յայտարարուած է առցանց նուիրահաւաք:

Անգամ մը եւս մեր մեծ ընտանիքի անդամներուն շնորհակալութիւն կը յայտնենք իւրաքանչիւրին ներդրումին համար եւ յատկապէս այսօրուան այս հաւաքի իւրաքանչիւր մանրամասնութեան պատրաստութեան մեզ օժանդակողներուն համար»:

Տնօրէնի խօսքէն ետք ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը, ուր ներկայացուեցան նախորդ տարիներու իրագործումներն ու յառաջիկայ ծրագիրները։

Այդ ծրագիրներն են`

 

  1. ՀՕՄ-ի Նորսիկեան մանկապարտէզէն ներս, պարտէզ- ֊խաղավայրը ընդարձակուեցաւ, բարեզարդուեցաւ եւ օժտուեցաւ նոր կազմածներով եւ խաղալիկներով։ Այս ծրագիրը իրագործուեցաւ մատղաշ նոր սերունդներուն փայլուն ապագայ մը կերտելու նպատակով, իսկ ծրագիրի հովանաւորները եղան տէր եւ տիկին Վահան եւ Նորա Պզտիկեանները, ի յիշատակ իրենց ծնողներուն Յարութիւն եւ Ազնիւ Պզտիկեաններու։ Ճեմարանի փոքրիկներուն համար այս պարտէզէն ներս կը կազմակերպուին դաստիարակիչ խաղեր ու հաւաքներ:

 

  1. Դարձեալ տէր եւ տիկին Վահան եւ Նորա Պզտիկեաններու բարերարութեամբ, կարելի եղաւ ամբողջովին նորոգել նոյն պարտէզին շուրջ գտնուող մանկապարտէզի բոլոր դասարաններուն լուացարանները, որոնք վերանորոգուեցան բծախնդիր ձեւով յարգելով մանկապարտէզներու յատուկ՝ մաքրութեան եւ առողջապահական չափանիշները:

 

  1. Ճեմարանի մանկապարտէզէն ներս բարեզարդուեցաւ նաեւ տարեդարձներու յատուկ սենեակը` տէր եւ տիկին Զաւէն եւ Դուին Տէր Պետրոսեաններու նախաձեռնութեամբ։ Դպրոցէն ներս իրենց դասընկերներուն եւ ուսուցիչներուն հետ միասնաբար տարեդարձներ տօնելու յիշատակելի այս պահերը այսուհետեւ կը կազմակերպուին գունաւոր ու գրաւիչ սենեակէն ներս, մեր երեխաներուն տարեդարձներու ամէնէն ուրախ պահերը առաւել եւս ճոխացնելու նպատակով։

 

  1. Հիմնական այլ բարեկարգման աշխատանք մը եւս ամբողջացաւ դպրոցի մայր շէնքէն ներս։ Շէնքի բոլոր դասարաններուն, սրահներուն եւ միջանցքներուն ելեկտրական սարքաւորումները ամբողջովին նորոգուեցան, փոխուեցան ու վերաթարմացուեցան: Այսպիսով նուազեցնելով ելեկտրականութեան սպառումը եւ բարելաւելով լուսաւորման որակը ամէն տեղ։ Այս ծրագիրին նիւթական գլխաւոր ներդրումը կատատարեց պարոն Շահէ Չերքէզեանը, որուն կողքին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ խումբ մը Ճեմարանականներ:

 

  1. Դպրոցական դարմանատունը եւ հիւանդապահուհիի մնայուն ներկայութիւնը անհրաժեշտութիւններ են կրթական հաստատութեան մը համար եւ ապահովութիւն կը ներշնչեն մեր աշակերտներուն, անձնակազմին եւ ծնողներուն: Շնորհիւ տէր եւ տիկին Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեաններու նուիրատուութեան, Ճեմարանի նախկին դարմանատունը տեղափոխուեցաւ, եւ Ճեմարանի մայր շէնքը օժտուեցաւ նոր եւ արդիական դարմանատունով մը:
  1.  Խոհանոցներու վերասարքաւորում.

Ճեմարանի զոյգ խոհանոցները, մանկապարտէզէն եւ մանկամսուրէն ներս, վերաթարմացուեցան նոր սարքերով եւ օժտուեցան արդիական նոր գործիքներով նախաձեռնութեամբ տէր եւ տիկին նախկին նախարար Վրէժ եւ Սալմա Սապունճեաններու եւ տէր եւ տիկին Ստեփան եւ Թամար Տէր Պետրոսեաններու, որոնց նիւթական ներդրումով օրին կարելի եղած էր ստեղծել այս խոհանոցները: Յիշեցնենք, որ խոհանոցները կը գործեն Ճեմարանի մասնագէտ սննդագէտին հսկողութեամբ, եւ փոքրիկներուն կը մատուցուի սննդարար կերակուր օրական դրութեամբ:

  1. Կրթական ծրագիրներու ծիրէն ներս, Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքի «Լիբանանի հայկական դպրոցներու նպաստի ծրագիր»-ի հովանաւորութեամբ,Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանի տնօրէնութեան անմիջական հսկողութեամբ եւ Ճեմարանի անձնակազմի աշխատանքով պատրաստուեցաւ «Պուրակ» հարթակը, որ նախատեսուած է 7-10 տարեկան գրաճանաչ երեխաներու համար: Հարթակը արեւմտահայերէնով նիւթեր պիտի տրամադրէ հայոց լեզուի, պատմութեան, աշխարհագրութեան, մշակոյթի, թուաբանութեան եւ գիտութեան վերաբերեալ: «Պուրակ» հարթակը հասանելի է բոլորին www.bourag.com հասցէով:

 

8. Քարոզչական աշխատանքներու ծիրէն ներս, աշխարհասփիւռ Ճեմարանականները իրարու ծանօթացնելու եւ Ճեմարանական յուշերը վառ պահելու համար, ընթացք առաւ զրուցաշարի – Փոտքասթի աշխատանք մը, որուն առաջին հաղորդումը հասանելի է արդէն իսկ հանրութեան Ճեմարանի կայքէջին եւ ընկերային ցանցերուն էջերուն միջոցով: Զրուցաշարը պիտի շարունակուի սփռուիլ երկշաբաթեայ դրութեամբ:

 

  1. Դարձեալ քարոզչական աշխատանքներու ծիրէն ներս Համազգայինի Ռաֆֆի եւ Անելկա Արսլանեան մանկամսուրը ունեցաւ իր պաշտօնական քառալեզու կայքէջը՝ www.arslaniannursery.com հովանաւորութեամբ Ճեմարանի եւ մանկամսուրի բարեկամ եւ բարերար Արսլանեան ընտանիքի Արսլանեան հիմնարկութեան։

 

  1. Գալով յառաջիկայ նախաձեռնութիւններուն, շուտով ընթացք կ՛առնէ Ճեմարանի ելեկտրական մայր ծրագիր մը եւս՝ արեւային վահանակներու զետեղումը: Ծրագիրը հովանաւորուած է Քուճաքեան հիմնարկութեան կողմէ, գլխաւորութեամբ ամերիկաբնակ Ճեմարանի բարեկամ ու բարերար տէր եւ տիկին Յակոբ ու Սօնիա Քուճաքեաններու։ Շնորհիւ արեւային վահանակներու զետեղման այս նախաձեռնութեան, Ճեմարանէն ներս կարելի պիտի ըլլայ ելեկտրականութիւն հայթայթել վառելանիւթի խնայողութեամբ։

 

11. Եւ վերջապէս 2024-ի ամրան ընթացքին պիտի իրագործուի Ճեմարանի մայր շէնքի Պոլեան սրահի ընդհանուր բարեկարգումն ու արդիականացումը: Պոլեան սրահը դպրոցի կարեւորագոյն սրահներէն մէկն է, ուր կը կազմակերպուին աշակերտական, ծնողական եւ շրջանաւարտներու այլազան ձեռնարկներ ու հաւաքներ: Այս սրահին ընդհանուր վերանորոգումն ու արդիականացումը մեծ անհրաժեշտութիւն է այսօր: 

Ձեռնարկի ընթացքին տեղի ունեցաւ նաեւ հիւրասիրութիւն, ինչպէս նաեւ իբրեւ մուտքի նուէր ներկաներուն բաժնուեցան Ճեմարանի եւ Համազգայինի տարբերանշանը կրող բանալեկալներ:

Աւարտին, Արին Գալուստեան յայտարարեց, որ արդէն հաւաքուած է 39.400 ամ. տոլար: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր նուիրատուներուն, մաղթելով որ յառաջիկայ օրերուն գումարը աճ արձանագրէ։ Ձեռնարկը առցանց սփռուեցաւ, եւ արտերկրէն եւս նուիրատուներ ոգեւորուած իրենց խոստումները արձանագրեցին։

Անգամ մը եւս ջերմօրէն շնորհակալութիւն կը յայտնենք բոլոր նուիրատուներուն եւ կը խոստանանք, որ միասնական ճիգերով պիտի յաջողինք իրագործել մեր բոլոր ծրագիրները։