Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման ձեռնարկներու ծիրին մէջ, Չորեքշաբթի, 16 Ապրիլ 2025-ին, Զ. եւ Է. դասարանի աշակերտները այցելեցին Ժպէյլի հայոց ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարանը։
Աշակերտները թանգարանին մասին ընդհանուր տեղեկութիւններ ստացան, անոնք կրցան նաեւ պատկերացնել դասարանէն ներս իրենց ընթերցած Անդրանիկ Ծառուկեանի «Մանկութիւն չունեցող մարդիկ» գիրքի դրուագներէն, ցեղասպանութենէն փրկուած հայ որբերու կեանքը։
Այցելութեան աւարտին անոնք վերահաստատեցին իրենց ուխտը շարունակաբար պայքարելու մինչեւ արդար հատուցում։
ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՈՐԲԵՐՈՒ «ԱՐԱՄ ՊԷԶԻՔԵԱՆ» ԹԱՆԳԱՐԱՆ
